ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԶԱԽՕ

Վերջին Ս. Պատարագը՝ Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Հրամանաւ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Զախոյի մէջ նոր եկեղեցի պիտի կառուցուի ներկայի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ տեղը,  հետեւաբար Շաբաթ, 23 Մայիս 2021-ին, սոյն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ վերջին Ս. պատարագը: Օրուան պատարագիչն էր տեղի հոգեւոր հովիւ Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեան։ Ներկայ էին Թաղական Խորհուրդի ատենապետը եւ անդամներէն ոմանք, նաեւ եկեղեցւոյ հաւատացեալ  զաւակները։

Print Friendly, PDF & Email

%d