Հրամանաւ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Զախոյի մէջ նոր եկեղեցի պիտի կառուցուի ներկայի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ տեղը, հետեւաբար Շաբաթ, 23 Մայիս 2021-ին, սոյն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ վերջին Ս. պատարագը: Օրուան պատարագիչն էր տեղի հոգեւոր հովիւ Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեան։ Ներկայ էին Թաղական Խորհուրդի ատենապետը եւ անդամներէն ոմանք, նաեւ եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակները։