28 Մայիս 2021-ին, Իրաքի խորհրդարանի անդամ Տիկ․ Պեյտա Սլեման այցելեց Իրաքի Հայոց Առաջնորդարան։ Անոր դիմաւորեցին Իրաքի Հայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արք․ Ասատուրեան, Ազգային կեդր․ վարչութեան անդամներէն ոմանք։ Հիւրին կ՛ուղեկցէր՝ իր գրասենեակի տնօրէն Պրն․ Ռիատ Քարիօ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կրօնական փոքրամասնութիւններու վերաբերող հարցերը եւ անոնց լուծման ճանապարհները։

About The Author

By iamc