Քրիստոնեայ Երիտասարդներու Այցը Սբ․ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցի
Posted on
16 Օգոստոս 2021-ին, Սուրբ Մարիամ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Իրաքի Քրիստոնեայ երիտասարդներու ընկերութեան անդամները (ICYC)՝ այցելութիւն մը կազմակերպեցին Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի «Աստուածածինը բոլորիս կը հաւաքէ» խորագրով։ Հաւաքը գլխաւորեց՝ Տէր Ալպէր Հիշամը։ Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցան աղօթքներ, սաղմոսերգութիւններ, խոկում, մոմավառութիւն այնուհետեւ միասնական ընթրիք։ Ներկայ էին տարբեր եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր։