Skip to content
29 Օգոստոս 2021-ին, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի այցելեց Զախոյի մէջ Քաղտէացի եկեղեցւոյ առաջնորդ Տ․ Ֆելիքս Տաուտ Ալ-Շապի, անոր կ՛ընկերակցէին հոգեւորականներ՝ Ճոնի Եպս․ Տաուտ, Տ․ Լուայ Ապտուլ Մասիհ եւ Տ․ Ստաւրօ քահանան։ Հիւրերը դիմաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեան, Թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն․Դաւիթ Մարտիրոսեան եւ անդամները, Քիւրտիստանի խորհուրդի անդամ Պրն․ Վահիկ Սրանեան, Տըհոքի քաղաքապետարանի աշխատակից Պրն․ Իշխան Սարգիսեան եւ համայնքի զաւակներէն ոմանք։ Ներկաները ուրախութեամբ հետեւեցան նոր եկեղեցւոյ կառուցման մեկնարկին։
Like this:
Like Loading...