Սեպտեմբեր 12, 2021-ին, Պաղտատի Սբ․ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուեցաւ տաղաւարներու վերջինը՝ Խաչվերացի տօնը։ Հանդիսապետութեամբ` Իրաքի թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ Անդաստան եւ աւանդական ռեհանի բաժանում։ Արարողութեան ներկայ էին թեմի բարեպաշտ ժողովուրդ։