Այցելութիւն ՀՀ Դեսպանութիւն՝ Անկախութեան 30-ամեակին Առթիւ
Posted on
21 Սեպտեմբեր 2021-ին, ՀՀ անկախութեան 30-ամեակին առթիւ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետն ու անդամները եւ միութիւններու վարչութեան ներկայացուցիչները, այցելեցին Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն։ Սրբազան Հայրն ու ներկաները իրենց շնորհաւորանքները յղեցին անկախութեան տօնին առթիւ, Հայրենիքին մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում։