ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԶԱԽՕ

Զախոյի Սբ․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հիմնօրհնէքը

3 Հոկտեմբեր 2021-ին, հովանաւորութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ  Արք․ Ասատուրեանի Զախոյի մէջ տեղի ունեցաւ կառուցուելիք Սբ․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքի արարողութիւնը։ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց այս հոգեպարար արարողութիւնը հիմք դնելով Զախոյի Հայ համայնքի կառուցուելիք եկեղեցիին։ Ներկայ էին Քաղդեացի եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսը, Իրաքի մէջ ՀՀ  հիւպատոս Պրն․ Ալիք Ղարիպեանը, Էրպիլի մէջ ՀՀ դեսպանատան կցորդ Պրն․ Անդրանիկ Յարութիւնեանը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետը եւ անդամները, տեղի պետական պաշտօնեաներ եւ հիւրեր։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: