3 Դեկտեմբեր 2021-ին, հովանաւորութեամբ՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, ԻՀԲԸ Միութեան Գեղարուեստական յանձնախումբը կազմակերպեց «Սայաթ Նովա-ի» անուան երգչախուբի երեկոյ նուիրուած Առնօ Բաբաջանեանի 100 ամեակին։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ միութեան Թաճիրեան սրահին մէջ։ Երեկոյին սկիզբը «Սայաթ նովա» երգչախումբին կողմէ հնչեցին Իրաքի եւ Հայաստանի հիմները, ապա միութեան վարչութեան բացման խօսքը, որուն յաջորդեցին Առնօ Բաբաջանեանի շարք մը երգերու կատարումները։ Ներկայ էին՝ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ․ Վահան Եպս․ Յովհաննէսեան, ՀՀ դեսպանատան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Արշակեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետն ու անդամները, միութիւններու վարչութեանց ներկայացուցիչները եւ համայնքի զաւակներէն։





