14 Յունուար 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք. Ասատուրեանի, Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ապա կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ներկայ էին՝ Տըհոքի, Զախոյի, Աւզրուկի եւ Հաւրեզքի Թաղական խորհուրդներու ատենապետները ու անդամները եւ համայնքի զաւակները։






