ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՏԸՀՕՔ

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Տըհոքի Մէջ

13 Փետրուար 2022-ին, Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը: Հանդիսապետութեամբ՝Տ․Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի, կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն աւարտին Տէր Հօր ձեռամբ տօնական ճրագը ժողովուրդին փոխանցուեցաւ, ապա թափօրին եւ հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ՝ դուրս բերուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր վառեցին Տեառնընդառաջի խարոյկը: Ներկայ էին Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author