27 Փետրուար 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ապա հոգեհանգստեան պաշտօն հանգուցեալ Տ․ Տիրան Քհնյ․ Սարգիսեանի հոգւոյն համար։ Ներկայ էին՝ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն ոմանք, Զախոյի Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։






