Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանը խոր կսկիծով իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հարազատ որդւոյ՝ Արժ․ Տ․ Տիրան քհնյ․ Սարգիսեանի մահուան կապակցութեամբ, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 21 Փետրուար, 2022-ին: Տէր Հայրը Հաւրէզք գիւղի Ս․ Սարգիս եկեղեցւոյ եւ Աւզրուկ գիւղի Ս․ Վարդան եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւն էր։ Վախճանեալի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ՝ 25 Փետրուար, 2022-ին, Հաւրէզքի Ս․ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, արարողութիւնը հանդիսապետեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան։ Ներկայ էին Զախոյի Քաղդեացւոց Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Ֆիլիքս Եպս․ Ալ-Շապի, Հիւսիսային շրջանի քահանայ հայրերը, քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ, Էրպիլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Պր․ Արշակ Մանուկեան եւ հիւպատոսութեան անձնակազմը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատեանպետ Պր․ Վարդան Վարդանեան եւ անդամներէն ոմանք, տեղի եւ շրջաներու Թաղական Խորհուրդներու անդամները եւ հոծ բազմութիւն։ Իսկ Շաբաթ՝ Փետրուար 26-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ վախճանեալ Տէր Հօր հոգւոյ խաղաղութեան համար, աղօթելով Երկնային Հօրը, որ ընդունի անոր արդար հոգին երկնային արքայութեան մէջ եւ իր սգակիր պարագաներուն պարգեւէ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարանքը։ Հոգւոյն հանգուցելոյն, Քրիստոս Աստուած, արա՛ հանգիստ եւ ողորմութիւն։