23 Մարտ, 2022-ին, Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջինքի առթիւ խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութիւններ։ Արարողութեան մասնակցեցան եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, նաեւ համայնքի զաւակները։ Ժամերգութենէն ետք կազմակերպուած ընտանեկան հաւաքոյթի ընթացքին՝ սիրոյ ընթրիք մատուցուեցաւ, որ պատրաստուած էր համայնքի ընտանիքներուն կողմէ։







