13 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի Աւզրուկ գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ  Ոտնլուայի կարգը, որմէ  ետք կատարուեցաւ Աւագ շաբթուան ամենայուզիչ արարողութիւնը՝ Խաւարման կարգը,  ի յիշատակ Քրիստոսի մատնութեան եւ չարչարանքներուն։  Սոյն արարողութիւններուն մասնակցեցան՝ Թաղական խորհուրդի վարչութեան ատենապետն ու անդամները եւ համայնքի զաւակները։

About The Author

By iamc