ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչում Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ՄԷջ

Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին նուիրուած, Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2022-ին, Թեմիս Բարեխնամ  Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանը Սբ․ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց  Պաղտատի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ  եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագի աւարտին յայտագիր մը ներկայացուեցաւ, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին  Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները եւ Զուարթնոց դպրաց դասը։ Աւարտին Սրբազան Հայրը իր պատգամը յղեց ներկաներուն: Այնուհետեւ Սրբազան հօր գլխաւորութեամբ թափօրը դուրս եկաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր կանգնեցուած է Հայոց ցեղասպանութեան Խաչքար-յուշակոթողը,  «Այսօր Յարեաւ» շարականի ուղեկցութեամբ: Ներկաները  ծաղիկներ խոնարհեցին մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին մօտ: Այնուհետեւ ներկաները ԻՀՏՄՄ կողմէ պատրաստուած հոգեճաշին` աւանդական հարիսայի, հրաւիրուեցան։ Արարողութեան ներկայ էին՝ Վատիկանի դեսպան Մոնսինեոր Մեթկա Լիսկովար, ՀՀ դեսպանութեան հաւատարմատար Պր․ Ալիկ Ղարիպեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները եւ Պաղտատի միութեանց վարչական անդամները, սկաուտական շարքեր եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ 

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: