ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Երուսաղէմի Ճշմարիտ Լոյսի Փոխանցումը Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

27 Ապրիլ 2022-ին, օրհնութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւաք Արք․ Ասատուրեանի, պատուիրակութիւն մը կազմուեցաւ Արժ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեանի գլխաւորութեամբ եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդաներէն, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս Ասիրիական եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած Երուսաղէմէն բերուած ճշմարիտ լոյսը հասցնելու առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի հասնելէ ետք, պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Սրբազան Հօր, որ  հրահանգեց լոյսը փոխանցուի  ժողովուրդին:

28 Ապրիլին,  Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, որուն աւարտին ճշմարիտ լոյսը՝ Առաջնորդ Սրբազան հօր հրահանգով փոխանցուեցաւ հաւատաւոր ժողովուրդին։  Պատարագին ներկայ էին՝ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները, եւ հոծ բազմութիւն հաւատացելոց։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author