ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԶԱԽՕ

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչում Զախոյի Մէջ

24 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին։ Պատարագին աւարտին հանդէս եկան եկեղեցւոյ դպրաց դասը ազգային երգերով եւ բանաստեղծութիւններով, այնուհետեւ ծաղկեպսակներ տեղադրուեցան ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ։ Ներկայ էին՝ Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները եւ համայնքի զաւակները։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author