ՊԱՂՏԱՏԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Այսօր Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատոյց Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Օշական եպիսկոպոս Կիւլկիւլեան։ Սուրբ Պատարագին ներկայ էին բազմաթիւ հաւատաւորներ, որոնք աղօթքով եւ հոգեւոր ուրախութեամբ միասին տօնեցին Սրբուհի Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։
Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Տիրամօր անբիծ, անարատ եւ նուիրական կերպարին՝ յորդորելով հաւատաւոր ժողովուրդը Սուրբ Աստուածածնի խոնարհութիւնն ու հաւատարմութիւնը դարձնել քրիստոնէական կեանքի օրինակ։
Սուրբ Պատարագի աւարտին Թեմակալ Առաջնորդին ձեռամբ կատարուեցաւ Խաղողօրհնէքի կարգը։ Օրհնուած խաղողի ողկոյզները բաժնուեցան հաւատաւոր ժողովուրդին՝ որպէս օրհնութեան, շնորհքի եւ առատութեան խորհրդանիշ։
Աւարտին Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը բերաւ նաեւ ՀԵԿ-ի երիտասարդներուն՝ այս օրերուն Մէյտանի Սուրբ Աստուածածին եւ Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ իրենց խոնարհ ու նուիրական ծառայութեան համար՝ գնահատելով անոնց հաւատքով եւ սիրով կատարած աշխատանքը։
Վերափոխման Տօնին առիթով Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստացան նաեւ Մարիամ անունը կրող հաւատացեալները, որոնց, ի նշան սիրոյ եւ օրհնութեան, յանձնուեցան փոքրիկ նուէրներ՝ իրենց անուանակոչութեան օրուան առթիւ։








