11 Յուլիս 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արք․ Ասատուրեանի Զախոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագիչն՝ էր Շիրակի թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան։ Ս. Պատարագէն ետք Աւագ Սրբազանը եւ հիւրը՝ այցելեցին Զախոյի մէջ կառուցուող Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի եւ ծանօթացան շինարարական աշխատանքներուն: Գերաշնորհ Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան՝ իր հիացմունքը յայտնեց այս օրհնաբեր կառոյցին հանդէպ, աղօթելով առ Աստուած, որ եկեղեցւոյ աշխատանքները լաւ աւարտ ունենան։












