23 Յունիս 2022-ին, Մելինէ Իսքէնտէրեանի անուան Ազգային Ծերանոցի սրահին մէջ, Իրաքի Հայոց նորընտիր Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական Վրդ․ Կիւլկիւլեան հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի շրջաններէն ժամանած հայ համայնքներու հոգեւոր հովիւներուն եւ Թաղական խորհուրդներու անդամներուն հետ։ Հանդիպման ներկայ էին՝ Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեան եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները։











