Ամսոյս 4ին, Հինգշաբթի օր, Իրաքահայ Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան երեք օրեր տեւող հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Պասրա: Հայր Սուրբին կ՛ուղեկցէին՝ Պասրայի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Աբղ. Սաղաթէլեանը, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Ատենապետ Պրն. Մելքոն Մելքոնեանը եւ Պասրայի Թաղական Խորհուրդի անդամ՝ Պրն. Նովակ Պետրոսեանը: Պատուիրակութեան դիմաւորեցին Թաղական խորհուրդի Ատենապետ՝ Պրն. Խաժակ Վարդանեանը եւ անդամ՝ Պրն. Իշխան Մանուկեանը: Այցելութեան ընթացքին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդը առիթն ունեցաւ այցելելու հիւանդներուն ու ծերերուն եւ աղօթելու անոնց առողջութեան համար: Օգոստոսի 6ին Պասրայի հայ համայնքի զաւակներու ներկայութեամբ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ Ս. Եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Աբղյ. Սաղաթէլեանը: Ս. Պատարագին յաւուր պատշաճի քարոզեց Առաջնորդ Հայր Սուրբը նաեւ հաւատացեալնեուն ներկայացուց նորանշանակ հոգեւոր հովիւին, իսկ Պատարագէն ետք հանդիպում ունեցաւ անոնց հետ «Աւագ Արքեպս. Ասատուրեան» սրահին մէջ: Այս առիթով Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Պրն. Մ. Մելքոնեան համայնքի զաւակներուն ներկայացուց նաեւ նորընտիր Առաջնորդ՝ Հոգշ Տ. Օշական Վրդ. Կիւկիւլեանին:






