13 Օգոստոս 2022-ին, Զախօյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Արժ. Տ. Ադամ Քհնյ. Մովսէսեան կատարեց երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա տեղի ունեցաւ Վերափոխման նախատօնակը: Յաւարտ ժամերգութեան եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս մատուցուեցաւ աւանդական ընթրիք, ուր հաւաքուած էին տեղի հայ համայնքը։






