14 Օգոստոս 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Ադամ Քհնյ․ Մովսէսեանի Զախոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Որուն աւարտին կատարուեցաւ Խաղողի օրհնութեան կարգը: Օրուան վարչութեան եւ մշակութային յանձնախումբին կողմէ նուէրներ բաշխուեցան Մարիամ անունը կրող երեխաներուն։






