9-15 Օգոստոսի, 2022-ին, Պաղտատի հայ երիտասարդները եւ ՀԵԿ-ի անդամները մասնակցեցան Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մաքրման աշխատանքներուն, նաեւ Վերափոխման տօնին շաբթուան ընթացքին կազմակերպեցին հաւատացեալներու այցելութիւնը Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի: Աւելցնենք, որ երիտասարդները եւ ՀԵԿ-ի անդամները մասնակցեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տօնին առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին։












