Skip to content
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մին եղաւ Ազգային Նախակրթարանի հետ առնչուած զանազան հարցերն ու դժուարութիւնները ուսումնասիրել ու լուծումներ գտնել: Այս նպատակը իրագործելու համար, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ամսոյս 3ի առաւօտուն առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ Նախակրթարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ: Ողջոյնի խօսքեր փոխանակելէ ետք, քննարկուեցան զանազան հարցեր, յատկապէս՝ աշակերտութեան թիւի նօսրացման յուզող պարագան եւ վարժարանը արդիականացնելու միջոցները: Առաջնորդ Հայր Սուրբը խոստացաւ մօտ ժամանակէն յարմարագոյն լուծումներ ի գործ դնել դպրոցին մակարդակը բարձրացնելու համար: Հանդիպման մասնակից եղաւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Մելքոն Մելքոնեանը:
About The Author
Like this:
Like Loading...