Month: Օգոստոսի 2022

Պատարագ Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

17 Օգոստոս 2022-ին, օրհնութեամբ՝ Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի եւ գլխաւորութեամբ՝ Իրաքի մէջ Ղպտի եկեղեցւոյ առաջնորդ Հայր Մինա Ալ-Օրշալիմի, Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը՝ Խաղաղութեան Հանգրուան

15 Օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին հազարաւոր հաւատացեալներ այցելեցին հրաշագործ Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ Այս Տօնը դարձած է մեծ վկայութիւն մը ազգերու համատեղ խաղաղ կեցութեան՝ համերաշխութեան հանգրուան։

Սուրբ Մարիամ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Աւզրուկի Մէջ

13 Օգոստոս 2022-ին, Աւզրուկ գիւղի՝ Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։ Ներկայ էին՝ Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու

Սուրբ Մարիամ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Զախօյի Մէջ

14 Օգոստոս 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Ադամ Քհնյ․ Մովսէսեանի Զախոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Որուն աւարտին կատարուեցաւ Խաղողի օրհնութեան կարգը:

Ժամերգութիւն Զախօյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ՄԷջ

13 Օգոստոս 2022-ին, Զախօյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Արժ. Տ. Ադամ Քհնյ. Մովսէսեան կատարեց երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա տեղի ունեցաւ Վերափոխման նախատօնակը: Յաւարտ ժամերգութեան եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս մատուցուեցաւ աւանդական ընթրիք, ուր

Սուրբ  Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Տըհոքի Մէջ

14 Օգոստոս 2022-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Օրուան պատարագիչն էր՝ Տըհոքի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեան:

Սուրբ Մարիամ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Հաւրէզքի Մէջ

13 Օգոստոս 2022-ին, Հաւրէզք գիւղի՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Շողակաթի Ս. Էջմիածնի եւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօներուն առթիւ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։ Ներկայ էին՝

Հոգեւոր Հովիւի Նշնակում Պասրայի Հայ Համայնքին

Ամսոյս 4ին, Հինգշաբթի օր, Իրաքահայ Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան երեք օրեր տեւող հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Պասրա: Հայր Սուրբին կ՛ուղեկցէին՝ Պասրայի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ

Տ․ Ադամ Քհնյ․ Մովսէսեանի Հանդիպումը Զախոյի Դպրաց Եւ Սարկաւագաց Դասերուն Հետ

3 Օգոստոս 2022-ին, Տ․ Ադամ Քհնյ․ Մովսէսեանը ընկերակցութեամբ՝ Զախոյի թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն․ Դաւիթ Մարտիրոսեանի ծանօթութեան հանդիպում մը ունեցաւ Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ «Անմիգոնակ» դպրաց դասի անդամներուն եւ սարկաւագներուն

Արժ. Տ. Ադամ Քհնյ. Մովսէսեանը կը Ժամանէ Զախօ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի եւ Ազգային Կեդր. Վարչութեան համախորհուրդ որոշումով, Մայր Հայրենիքէն ժամանած Արժ. Տ. Ադամ Քհնյ. Մովսէսեանը այս երկուշաբթի, Օգոստոսի 1ին մեկնեցաւ Իրաքի հիւսիսայն շրջան…