Skip to content
26 Սեպտեմբեր 2022-ին, Իրաքի Հայոց Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական Վրդ․ Կիւլկիւլեան այցելեց Զախոյի Հայ համայնք, ուղեկցութեամբ՝ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներուն: Զախոյի մէջ Հայր Սուրբը դիմաւորեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, Քիւրտիստանի խորհրդարանի անդամ Պրն․ Վահիկ Սիրանեանը, Տըհոքի եւ Աւզրուկ գիւղի Թաղական խորհուրդի անդամները եւ Զախոյի Քոյր եկեղեցիներու Քահանայ հայրերը։ Աղօթքէն ետք եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Ադամ Քհնյ․ Մովսէսեան եւ Թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն․ Դաւիթ Մարտիրոսեան իրենց ողջոյնի խօսքերը յայտնեցին Առաջնորդին։ Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը Առաջնորդի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութեան ութերորդ մասնաճիւղը, հիւրերը ընդունեցին մասնաճիւղի տնօրէն՝ Պրն․ Ալի Աունի եւ անդամներէն ոմանք։ Այնուհետեւ Առաջնորդ Հայր Սուրբը այցելեց գերեզմանատուն եւ աղօթք կատարեց ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Առաջնորդը նաեւ, Զախոյի նոր կառուցուող եկեղեցւոյ շինութեան տարածք այցելեց, ուղեկցութեամբ՝ Զախոյի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի եւ Թաղական խորհուրդի ատենապետին եւ անդամներուն։ Իսկ երեկոյեան, հադիսապետութեամբ՝ Առաջնորդ Հայր Սուրբին, Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ աղօթք։ Արարողութեան ներկայ էին՝ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, Զախոյի Թաղական խորհուրդի անդամները։ Աղօթքի աւարտին Առաջնորդ Հայր Սուրբին յանձնուեցաւ «Սուրբ խաչ» յուշանուէրը, որ Զախոյի մէջ մեր հայրենիքի՝ Հայաստանի տուֆ քարէն պատրաստուած էր, որմով ներկայիս կը կառուցուի Զախոյի նոր Սուրբ Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցին։ Աւարտին կատարուեցաւ միասնական ընթիրք։
About The Author
Like this:
Like Loading...