27 Սեպտեմբեր 2022-ին, Իրաքի Հայոց Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական Վրդ․Կիւլկիւլեան, իր առաջին հովուական այցը կատարեց Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցի: Առաջնորդին կ՛ուղեկցէին կեդրոնական վարչութեան անդամները: Առաջնորդ Հայր Սուրբը այցի ընթացքին ծանօթացաւ եկեղեցւոյ համալիր էն ներս կառուցուող շինարարական աշխատանքներուն։






