30 Սեպտեմբեր 2022-ին, Առաջնորդ Իրաքի Հայոց՝ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական Վրդ․ Կիւլկիւլեան այցելեց Տըհոքի Հայ համայնք, ուղեկցութեամբ՝ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներուն: Առաջնորդ Հայր Սուրբը դիմաւորեցին’ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեան, Թաղական խորհուրդի անդամները եւ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը։ Այնուհետեւ հանդիսապետութեամբ՝ Տ. Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի եւ Զախոյի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Ադամ Քհնյ․ Մովսէսեանի։ Ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու Քահանայ հայրերը, էրպիլի թաղականութեան նախկին խորհուրդի անդամներ՝ Պրն․ Շանթ Մուրատեանը եւ Պրն․ Ռազմիկ Մուրատեանը, Զախոյի, Աւզրուկի եւ Հաւրէզքի Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։ Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Հայր Սուրբին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը Տըհոքի Թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Ճարտարապետ Պրն․ Երուանդ Ամինեանի կողմէ։ Աւարտին կատարուեցաւ միասնական ճաշ։

About The Author

By iamc