ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Պատարագ Խաչվերացի Ս. Տօնին Առիթով

Կիրակի, Սեպտեմբերի 11ին, Խաչվերացի Տօնին առիթով Սբ. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Պաղտատի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Գէորգ քհնյ. Արշակեան: Յաւարտ Սբ. Պատարագի, հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ Անդաստանի ու Ռեհանի օրհնութեան կարգը: Յիշատակութեան արժանի է, որ Առաջնորդ Հայր Սուրբի տնօրինութեամբ այս արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Եկեղեցասիրաց Կազմի երիտասարդ-երիտասարդուհիները: Ս. Պատարագին եւ յաջորդող հոգեպարար արարողութեան ներկայ էր ՀՀ Դեսպանութեան Հաւատարմատար՝ Տիար Ալիք Ղարիպեանն ու իր Տիկինը ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:

Print Friendly, PDF & Email

About The Author