Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2022-ին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան, ուղեկցութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն, Տիարք Գէորգ Գատոյեանի եւ Էտմոն Տէր Մովսէսեանի, այցելեց Մեր եկեղեցւոյ զաւակներէն 33 ամեայ Ճիւան Սահակեանին, որն տասը տարիներէ ի վեր կը տառապի երիկամային անբաւարարութենէ:

Ճիւանի առողջական վիճակը հետեզհետէ վատթարանալով, ան, մօտ օրերէն, պիտի ենթարկուի վիրաբուժական գործողութեան:

Առաջնորդ Հայր Սուրբը, Ճիւանին առողջութեանը համար իր սրտաբուխ աղօթքը առ Աստուած բարձրացնելէ ետք՝ անոր յանձնեց Առաջնորդարանի կողմէ եղած Նիւթական օժանդակութիւնը, անսահման գոհունակութիւն պատճառելով հիւանդին:

Յիշելու ենք որ երաժշտասէր երիտասարդը Երիկամունքի հիւանդութեան պատճառով կորսնցուցած է նաեւ իր լսողութիւնը, որուն հետեւանքով ան կ՛ապրի հոգեկան անմեկնելի տագնապ:

Այս առիթով, Առաջնորդարանս կոչ կուղղէ Պաղտատի կամ արտերկիր ապրող բոլոր բարեսէրներուն, իրենց լումայով մասնակցելու Ճիւանի առողջութիւնը վերահաստատելու եւ կեանքը փրկելու Քրիստոնէավայել ազնիւ արարքին մէջ: Այս գործընթացը դիւրացնելու համար, փափաքողները կարող են իրենց մասնակցութիւնը բերել Առաջնորդարանի քարտուղարութեան միջոցաւ secretary@iraqiarmenian.church կամ ուղղակի գրել Ճիւանին ֆէյս բուքի էջին (Facebook Jevan Sahakian):

About The Author

By iamc