Վերամուտէն հազիւ քանի մը օր անց, Հոկտեմբերի 24ի առաւօտուն, Աշխատանքի եւ Ընկերային հարցերու նախարարութենէն ( وزارة العمل والشؤون الاجتماعية) պատուիրակութիւն մը այցելեց Պաղտատի Ազգային Նախակրթարանը եւ երկսեռ աշակերտութեան դպրոցական պայուսակներ ու գլխարկներ նուիրեց:
«Ո՛չ, փոքրերու աշխատանքին» կարգախօսի ներքոյ, այս յանձանախումբը յանձն առած է այցելել զանազան դպրոցներ եւ քաջալերել փոքրիկները դպրոցներ յաճախելու եւ ուսում ստանալու, իրենց փոքր տարիքէն աշխատանքի լծուելու փոխարէն:
Պատուիրակութեան ուղեկցեց վարժարանի տնօրէնութիւնը:









