Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2022 ին, Իրաքահայ Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը իր Գրասենեակին մէջ ընդունեց դոկտոր Մուսթաֆա Միհսըն Քատիմը, որը վերջերս Պաղտատ Համալսարանի մէջ Դոկտորայի թեզ պաշտպանած է՝ «Եգիպտոսի ՀայերըՖաթըմական եւ Էյուպեան շրջաններուն» խորագրի տակ:
Այցելու դոկտորը իր թեզի մասին տեղեկութիւններ տալէ ետք՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զանազան կարծիքներ փոխանակուեցան եւ հայերու մասին պատմական այլ իրողութիւններ ներկայացուեցան:
Աւարտին, տիար Քատիմը Հայր Սուրբին իր երախտագիտութիւնը յայտնեով՝ դոկտորայի իր թեզէն օրինակ մը նուիրեց զայն:
Հանդիպման ներկայ եղան՝ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Մելքոն Մելքոնեանը, անդամ՝ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը եւ բրշհ. Արամ սրկ. Քէթէնճեանը:
