ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԶԱԽՕ

Զախոյի ՄԷջ Այցելութիւն Վթարէն Փրկուած Երեխաներուն

1 Նոյեմբեր 2022-ին,  Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Ադամ Քհնյ․ Մովսէսեան եւ Թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն․Դաւիթ Մարտիրոսեան այցելեցին անցեալ ամսուն  ահաւոր վթարի ենթարկուած հայ ընտանիքէն  փրկուած երեխաներուն, (վերոյիշեալ վթարին պատճառով  հայ ընտանիքի մը անդամներուն մեծ մասը մահացած են): Այցելուները ընտանիքէն փրկուած փոքրիկներ՝ Մասիսին եւ Սիրանուշին  շուտափոյթ ապաքինման եւ կազդուրման համար աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, եւ Զախոյի ժողովուրդին անունով ուժ եւ համբերութիւն մաղթեցին ննջեցեալ ընտանիքին հարազատներուն եւ ընկերներուն։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author