Նոյեմբեր 5ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Զրադաշտականներու Պաղտատի ներկայացուցիչ Դոկտ. Հայտէր Ասֆուր-ին եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ Րուսուլ Ալ-Սէլամ կազմակերպութեան նախագահ՝ Ալ-Շէյխ Թալըպ Ալ-Զուպէյտիին:

Հանդիպման, որուն ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ պարոն Մելքոն Մելքոնեան՝ քննարկուեցան Իրաքի փոքրամասնութիւնները յուզող խնդիրներ եւ անոնց իրաւունքներուն հետ առնչուող հարցեր:

Աւարտին՝ պատուրակաութիւնը հրաւիրեց Հայր Սուրբին եւ Իրաքի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան մասնակցելու յառաջիկայ Երկուշաբթի օր ՄԱԿ-ի եւ Խորհրդարանի  Մարդու Իրաւունքներու Կազմակերպութեան համագործակցութեամբ տեղի ունենալիք Խորհրդակցական ժողովին, ուր պիտի քննարկուին Իրաքի փոքրամասնութիւններն ու անոնց իրաւունքները յուզող հարցեր:

About The Author

By iamc