Անցեալ քանի մը օրերուն Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ պրնք.՝ Կ. Գալուստեան եւ Մ. Տէր Մովսէսեան, նաեւ հաշուապահութեան տնօրէն պրն. Պ. Պէլէրեան պաշտօնական այցով մեկնեցան Զախօ: Ամսոյս 9ին պատուիրակութիւնը այցելեց կառուցման ընթացքի մէջ եղող Զախոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցին:

