Հոգեւորականի մը վսեմ պարտականութիւններէն մին  է այցելել իր ծուխի հիւադներն ու կարօտեալները եւ իր աղօթքներով անոնց համար Աստուծմէ բժշկութիւն հայցելն ու  հայրական խօսքերով ու խրատներով  զանոնք մխիթարելը:

Այս կապակցութեամբ  21 Դեկտեմբեր 2022-ին, Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանը եւ Տըհոքի Ասորական հին արեւելեան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․  Փոլըս Քհնյ․  Աթալլա-ն՝ այցելեցին հանգուցեալ Սթիփան Աշոտի երեք փոքրիկներուն, որոնք Աստուծոյ նախախնամութեամբ ողջ մնացած էին անցեալ Հոկտեմբերին պատահած սոսկալի աւտովթարէն, որուն հետեւնաքով, ցաւ ի սիրտ, յիշեալ ընտանիքի անդամներէն ութը  մահացած էին։

About The Author

By iamc