Ս. Ստեփանոս Նախավկայ սարկաւագի տօնին առիթով, Տհօքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ, Դեկտեմբերի 23ին, Ուրբաթ օր, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Տհօքի հոգեւոր հովիւ՝ արժանապատիւ Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեանը: Ան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց սարկաւագները եւ խրախուսեց զանոնք շարունակելու իրենց անձնուէր ծառայութիւնը ի սէր Հայ Եկեղեցւոյ պայծառացման ու յարատեւման:
Պատարագին մասնակցեցան եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները եւ խումբ մը համայնքի հաւատացեալներ:





