Ընդառաջելով Պաղտատի Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Աֆրամ Յովսէփ Ապպայի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը Փետրուարի 9ին երեկոյեան ժամը 5:30 ին մասնակցեցաւ ՍԷՅՏԷԹ ԱԼ- Նաճաթ եկեղտցւոյ մէջ կատարուած Սուրբ եւ Անմահ պատարագին, որն մատուցեց համայն աշխարհի Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Մար Աղնաթիոս Իւսըֆ Գ. Իւոնան Պատրիարքը:
Յետ պատարագին կազմակերպուած ճաշկերոյթի ընթացքին, Առաջնորդ Հայր Սուրբը նաեւ առիթ ունեցաւ ծանօթանալու Արտագաղթի Նախարար՝ Տիկին Իվան Ճապրոյին:





