Երկօրեայ այցելութենէն ետք` Առաջնորդ Հայր Սուրբը Զախոյէն  Էրպիլ  վերադարձի  ճանապարհին, այցելեց Աւզրուկ հայաբնակ գիւղը։ Առաջին հերթին Ան այցելեց Ս. Վարդան եկեղեցին ու գոհաբանական  աղօթք կատարեց, ապա  գիւղի դահլիճին մէջ  հանդիպեցաւ բնակիչներէն ոմանց։ Իմանալով որ գիւղին մէջ հիւանդներ կան, Հայր Սուրբը այցելեց անոնց և անոնց առողջութեանը համար իր սրտաբուխ աղօթքը  բարձրացուց առ Ամենակալն Աստուծոյ, իսկ հիւանդներն ու իրենց պարագաները  խոր հաւատքով  ու երկիւղածութեամբ ընդունեցին Հայր Սուրբի օրհնութիւնն ու աղօթքները։

Յիշատակութեան արժանի է որ հիւանդներէն մին 100 տարեկան մայրիկ մըն էր։

Անկէ ետք Առաջնորդ Հայր Սուրբը այցելեց Սիւմէյլ գիւղաքաղաքը ապրող հիւանդի մը։

Իսկ Էրպիլ հասնելուն, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդը դիմաւորուեցաւ Թաղական Խորհուրդի կողմէ և անմիջապէս այցելեց Սուրբ Խաչ եկեղեցին ու Թաղականութեան նոր կեդրոնատեղին և ժողով գումարեց անոնց հետ։

About The Author

By iamc