Էրպիլի մէջ իր կեցութեան ընթացքին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը իրեն ուղեկցող պատուիրակութեան հետ, Փետրուար، 2ի առաւօտ այցելեց ՀՀ Հիւպատոսարան։ Զինքը դիմաւորեցին Հիւպատոս տիար Արշակ Մանուկեան և տիար Անդրանիկ Յարութիւնեան։ Մտերմիկ խօսակցութիւն եղաւ երկու բարեկամ երկիրներու` Իրաքի և Հայաստանի փոխ յարաբերութեանց և այլ հարցերու մասին։
Յետ հանդիպման, պատուիրակութիւնը Առաջնորդ Հօր գլխաւորութեամբ մեկնեցաւ Քէրքուկ ուր դիմաւորուեցաւ Թաղական Խորհուրդի կողմէ։ Հայր Սուրբը նախ գոհաբանական աղօթք կատարեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ապա Թաղական Խորհուրդին հետ ժողով գումարեց։
Համայնքին յուզող զանազան հարցերն ու դժուարութիւնները լսելէ ու քննարկուելէ ետք Առաջնորդ Հայր Սուրբը դիտողութիւններ և առաջարկներ ըրաւ ինչպէս նաեւ որոշ դժուարութիւններուն լուծումներ գտնելու հնարաւորութիւնը պարզեց։
Կը կարեւորենք յիշել որ Պաղտատէն ժամանած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաև Էրպիլ համայնքի հոգևոր հովիւ Տէր Արթուն քհնյ. Խալաթեանը և Էրպիլի ընկերային և Մշակութային Միութեան ատենապետ պարոն Ռազմիկ Մուրատեանը։

About The Author

By iamc