ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԷՐՊԻԼ

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ ԷՐՊԻԼԻ ՍՈՒՐԲ  ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, Ուրբաթ, Փետրուարի 17ին, Սրբոց Վարդանանց Տօնին առիթով Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ: Պատարագիչն էր Էրպիլի հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Արթուն քհնյ. Խալաթեանը: Բարի գալուստի խօսքէն ետք՝ քահանայ հայրը հրաւիրեց Առաջնորդ Հայր Սուրբին օրուայ քարոզը խօսելու ու իր հայրական օրհնութիւնը բաշխելու հաւատացեալ ժողովուրդին: Պատարագէն ետք՝ եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ Թեմիս Առաջնորդը հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Հիւպատոս՝ Տիար Արշակ Մանուկեանին եւ թաղականութեան անդամներուն հետ, ուր ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ Ատենապետ՝ պարոն Վարդան Վարդանեանը:

Print Friendly, PDF & Email

About The Author