Չորեքշաբթի օր, Մարտի 1ին Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ, թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Շիիթ կրօնապետ Սէյիտ Ամմար Ալ-Հաքիմի գրասենեակի տնօրէն` պարոն Ալի Ալ-Սաաըտի-ին, որն եկած էր կրօնապետի թելադրանքով Հայր Սուրբին շնորհակալագիր յանձնելու:
Հանդիպման ընթացքին պատուարժան հիւրը անդրադարձաւ Պապի այցելութեան եւ այդ առիթով իրենց գրասենեակի ցուցաբերած օժանդակութեան մասին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ապագային ալ որեւէ ձեւով Քրիստոնէութեանը վերաբերող ձեռնարկներուն օժանդակելու:
Առաջնորդ Հայր Սուրբի առաջարկութիւններէն մին եղաւ միասնաբար «Խաղաղութեան Աղօթքի Օր» կազմակերպել, որն դրական անդրադարձ ունեցաւ հիւրին կողմէ:
Հանդիպման ներկայ եղաւ կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Պարոն Կարապետ Գալուստեան:



