Իրաքի Հանրապետութեան վսեմաշուք Վարչապետի Մարտ 14ին Էրպիլ տուած պաշտօնական այցելութեան եւ վսեմաշուք Նախագահ Նիչիրվան Պարազանիի հետ հանդիպման՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան, որպէս Իրաքահայ Թեմի, հետեւաբար Հիւսիսային շրջանի (Քիւրտական Մարզ) առաջնորդ՝ տարածաշրջանի Քրիստոնեայ առաջնորդներու, համայնքապետներու եւ այլազգի կրօնապետներու հետ հրաւիրուեցաւ մասնակցելու այդ առիթով կազմակերպուած ժողովին եւ ճաշկերոյթին:






