Հանդիսապետութեամբ՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, Կիրակի օր, Ծաղկազարդի Տօնին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ  եւ Անմահ Պատարագ, որուն ներկայ էր նաեւ  նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը։ Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ Անդաստանի կարգ եւ Մանուկներու օրհնութիւն:

Ս. Պատարագին ներկայ եղաւ ՀՀ դեսպանութեան գործերու հաւատարմատար Պրն. Ալիք Ղարիպեանը:

About The Author

By iamc