Հինգշաբթի 2 Յուլիս 2026-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը հիւրընկալեց Իրաքի եւ համայն աշխարհի Քաղդէացւոց Եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Մար Փոլիս Գ. Նունան եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը։ Ողջոյնի խօսքեր եւ բարեմաղթանքներ փոխանակելէ ետք, հիւրերը առաջնորդուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, ուր նորին Սրբութիւնը ծանօթացաւ Եկեղեցւոյ պատմութեան։ Հանդիպման ընդացքին քննարկուեցան Իրաքի Քրիստոնեաներուն հետ առնչուող զանազան  հարցեր։ Այցելութեան աւարտին յուշանուէր բոխանցուեցաւ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ու անդամներէն ոմանք եւ Քահանայ Հայերէրը։

Լուսանկարները՝

Օրդ․ Մարիամ Մարտիրոսեան

About The Author

By iamc