Աւագ Հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 5-ին հանդիսապետութեամբ  Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի,

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Կատարուեցաւ Ոտնլուայի կարգը: Առաջնորդ Հայր Սուրբը աղօթքներու եւ շարականներու երգակցութեամբ օրհնեց Խորանին վրայ դրուած ջուրն ու իւղը, որմէ ետք՝ Հոգշ. Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան լուաց տասներկու Պաղտատահայ զաւակներու ոտքերը:

Գիշերը, նոյն եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Խաւարման կարգը, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Աւագ Արք Ասատուրեանը:

Յիշելու ենք, որ Հոգշ. Տ. Տիրայր Վարդապետը Ամենայն Հայոց Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ,  այս օրերուն հիւրաբար կը գտնուի Իրաքահայ Թեմէն ներս:

-Առաջնորդարանիս Տեղեկատուական Համակարգը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պարոն Րաֆֆի Լուսէեանին օրուան լուսանկարները տրամադրելուն համար:

About The Author

By iamc