Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական Վրդ․ Կիւլկիւլեանի, Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ ամեակի ոգեկոչման առիթով, Ուրբաթ Ապրիլի 21-ին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Թեմս հիւրաբար գտնուող արժ. Տ․ Մամբրէ Քհնյ․ Հմայակեանը։
Պատարագի աւարտին գրական- գեղարուեստական յայտագրի գործադրութեամբ՝ Զուարթնոց դպրաց դասը ելոյթ ունեցաւ քանի մը ազգասիրական խմբերգներոբվ, իսկ միութենական հաստատութիւները ներկայացնող չորս երիտասարդ- երիտասարդուհինր ասմունքեցին Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող բանաստեղծութիւններ:
Յայտագրի բաժինը աւարտեցաւ Հայր Սուրբի ոգեշնչող պատգամով: Այնուհետեւ Հոգեւորականաց դասը, ՀՀ դեսպանութեան հաւատարմատար` Տիար Ալիկ Ղարիպեանը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետն ու անդամները, Միութիւններու վարչութիւնները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը թափօրով առաջացան եկեղեցւոյ բակը կանգնած Խաչքար- յուշակոթողին մօտ ու այնտեղ զետեղեցին սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած իրենց սրտաբուխ ծաղիկներն ու ծաղկեպսակները:





































