Մայիսի 8ին, Ազգային Ծերանոցի համալիրէն ներս գտնուող իր գրասենեակին մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Իրաքի Մարդու Իրաւունքներու կազմակերպութենէն պատուիրակութիւն մը, զոր կը գլխաւորէր փոքրամասնութիւններու պատասխանատու՝ պարոն Քէյս Հուսէյնը:

  Յետ ծանօթութեան, քննարկուեցան փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս Հայ գաղութիւն հետ առնչուող հարցեր ու խնդիրներ: Հանդիպման ներկայ եղաւ  Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ պարոն Կարապետ Գալուստեան:

About The Author

By iamc